Ստեփանակերտի մէջ յանկարծական գործողութիւն կազմակերպուած է

«Կեանքի ճանապարհ»

Դեկտեմբեր 17-ի երեկոյեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան և մարզանքի հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արամ Յարութիւնեանի նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ յանկարծական գործողութիւն մը (flash mob) կազմակերպուած է՝ «Կեանքի ճանապարհ» տիտղոսով:

«Արցախփրէս»-ի համաձայն՝ արցախցի հազարաւոր երիտասարդներու մասնակցությամբ «Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթողի տարածքին յանկարծական գործողութեան ընթացքին լոյսերով պատկերուած է «Կեանքի ճանապարհ» (ROAD OF LIFE) բառակապակցութիւնը:

Արցախի Պետական համալսարանի ուսանողական խորհուրդի նախագահ Արա Սարգսեան յայտնած է, որ այս գործողութեան միջոցով նպատակ ունին ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու Ազերպայճանի կողմէ  2020 Նոյեմբեր 9-ին գոյացած համաձայնութիւններու կոպիտ խախտումով ու կեղծ բնապահական նկատառումներով Արցախը Հայաստանի հետ կապող միակ «Կեանքի ճանապարհը» փակելու եւ այդպէսով աւելի քան 120.000 հոգի շրջափակման մէջ պահելու երեւոյթին վրայ:

 

“Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը արդէն 6 օրից աւելի փակ է։ Ադրբեջանի կողմից այս  շրջափակումը մարդասիրական ճգնաժամի վտանգի առջեւ է կանգնեցրել Արցախահայութիւնը։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է պատշաճ գնահատական տայ եւ պատժի նախայարձակ Ադրբեջանին։ Ապացուցուած է նաեւ այն փաստը, որ «բնապահների» անուան տակ թաքնւում են ադրբեջանական յատուկ ծառայութիւնների ներկայացուցիչներ, որոնց ազգայնական նպատակներն աւելի հեռուն են գնում՝ ցեղասպանութիւն իրականացնել եւ հայաթափել Արցախը։ Մեր ժողովուրդը չի յանձնուելու, այլ պայքարելու է, որպէսզի Արցախը ինչպէս միշտ, մնայ հայկական”,– ընդգծած է Սարգսեան։