Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ – Ազերպայճանական կողմը Ապրիլ 23-ին փակած է Արցախ-Հայաստան սահմանագծին գտնուող Հակարիի կամուրջը

Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ, թէ Ապրիլ 23-ին Ազերպայճան փակած է Արցախ-Հայաստան սահմանագծին գտնուող Հակարիի կամուրջը։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այս կապակցութեամբ Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստ գումարած է՝ վերջին զարգացումները եւ իշխանութիւններու համապատասխան ընելիքները քննարկելու նպատակով։

Արցախի իշխանութիւնները խստօրէն դատապարտած են ազերպայճանական յաջորդական գրգռութիւնը՝ զայն համարելով Արցախի շրջափակման ճգնաժամը խորացնող եւ ցեղային զտման միտող ոճրային քայլ, որ կ՚ոտնահարէ թէ՛ եռակողմ յայտարարութիւնը, թէ՛ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի պարտադիր իրագործման ենթակայ որոշումը եւ թէ՛ միջազգային իրաւունքի այլ հիմնական չափանիշեր:

Միւս կողմէ, Ազերպայճան պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ Բերձոր-Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ սահմանային անցակէտ տեղադրած է՝ անցագրային ստուգում կատարելու նպատակով: Ազերական լրասփիւռներուն համաձայն՝ այս կապակցութեամբ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է այդ երկրին սահմանապահ ծառայութիւնը։

Այս բոլորին վրայ հարկ է աւելցնել նաեւ խիստ մտահոգիչ հետեւեալ տեղեկութիւնը։ Ըստ հայաստանեան որոշ աղբիւրներու՝ Ազերպայճան ծանր զինամթերք կը կուտակէ Բերձորի միջանցքի այն հատուածին մօտ, որ փակած է: Այս մասին արդէն քանի մը օր առաջ մանրամասնօրէն գրած էր նաեւ ազերի այլախոհ Մանաֆ Ճալիլզատէ (տե՛ս. «ՆՅ»-ի Ապրիլ 20-ի 1867 թիւը)։