Ապրիլ 26-էն 29 Արցախ այցելած են Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհին: Այս այցը սկիզբ առած է Ստեփանակերտի զինուորական պանթէոն այցելութեամբ, ուր արցախեան պատերազմներու զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցուած է։
Իրենց այցելութեան ընթացքին, Հ․Օ․Մ․-ուհիները հանդիպումներ ունեցած են Արցախի նախագահին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին, տեղւոյն ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Հ․Օ․Մ․-ի Արցախի միաւորի վարչութեան անդամներուն հետ։ Անոնք այցելած են Հ․Օ․Մ․-ի Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի եւ Աշանի «Սօսէ» մանկապարտէզները:
“Համաճարակի պատճառով չկրցանք այցելել Արցախ։ Շատոնց որոշած էինք, սակայն ցաւօք տեւաբար յետաձգուեցաւ։ Անշուշտ միշտ ալ կապ հաստատած ենք եւ կատարած մեր կարելին”,– ըսած է Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան, որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Երեւան կը գտնուէր։
“Ես Արցախ եղած եմ առաջին անգամ 1992-ին եւ այդ ալ Շուշիի ազատագրումէն ամիս մը ետք: Առաջին այցս Արցախ սկսաւ ռմբակոծութեամբ, քաղաքը ռմբակոծեցին: Իսկ այս անգամ, անկեղծ ըսած՝ աւելի գէշ իրավիճակ կը սպասէի: Դուրսէն նայելով` կ՚ըսէին, թէ շատ խոչընդոտներ, դժուարութիւններ կան: Իրականութեան մէջ ճանապարհը երկար էր, բայց հասնելէն ետք այդ հեռաւորութիւնը երկրորդական եղաւ: Ստեփանակերտի մէջ, տեղւոյն Հ․Օ․Մ․-ուհիներուն եւ երախաներու հետ շփում ունենալով գոհունակութիւն ստացանք: Արցախը դեռ ազատ է, ո՛չ ոք կրնայ Արցախը բանտարկել, նոյնիսկ եթէ թշնամին Շուշի է”,– շեշտած է Տէրտէրեան, աւելցնելով թէ՝ Հ․Օ․Մ․-ը այստեղ ունի բազմաթիւ մանկապարտէզներ եւ այլ ծրագրեր։ “Բայց մենք կ՚ուզենք արմատապէս օգնել ժողովուրդին, ցոյց տալ, որ մենք կրնանք ձեզի նեցուկ կանգնիլ: Այո՛, նոր ծրագիր կայ, որու մասին շուտով կը յայտարարենք”, աւելցուցած է Տէրտէրեան։
Պատերազմին հետեւանքով Արցախի մէջ գործող Հ․Օ․Մ․-ի ութ «Սօսէ» մանկապարտէզներէն չորսը կը մնան գրաւուած։ “Կը քննարկենք կարելիութիւնները, որպէսզի նոր մանկապարտէզներ կառուցենք։ Նաեւ պիտի կառուցենք նոր բնակավայրեր։ Յոյս ունինք, որ կառավարութեան հետ խորհրդակցելով քանի մը մանկապարտէզ կը բանանք Արցախի մէջ։ Արցախցին խրախուսուելու կարիք չունի, միշտ ալ եղած է ուժեղ, մենք գիտենք, որ մեր հողը ապահով է, որովհետեւ մարտունակ Արցախցին կա՛յ եւ կը մնա՛յ”,– եզրակացուցած է Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին։