Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վանի մէջ կրկին վնասուած է Արշիլ Կորքիի յիշատակին նուիրուած շատրուանը

Թրքական Gazeteduvar առցանց թերթին համաձայն՝ Թուրքիոյ արեւելեան Վան նահանգին մէջ ծանօթ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի յիշատակին կառուցուած շատրուանը վնասուած է անծանօթներու կողմէ։

Վանի Էտրեմիթ (Արտամեդ) թաղամասի թաղապետարանը շատրուանը կառուցած էր 2015-ին, Սեւիլ Ռոճպին Չեթինի օրօք,– որ քաղաքապետ ընտրուած էր այժմ գոյութիւն չունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն,– շարունակելով ննջեցեալներու յիշատակը յարգելու աւանդութիւնը՝ ջուր ապահովելով բնակիչներու եւ անցորդներու համար։

Թրքերէն, հայերէն, քրտերէն եւ անգլերէն լեզուներով՝ Կորքիի կեանքի մանրամասնութիւններով զարդարուած շատրուանի չորս կողմերէն ջուր կը հոսէր։ Շատրուանի ճարտարապետները յատուկ տեղական քարեր օգտագործած եւ զայն կառուցած են Կորքիի ընտանիքի նախկին տան մերձաւորութեամբ։

Յուշարձանը նախապէս քանի մը անգամ վանդալականութեան ենթարկուած է: Իր պաշտօնէն հեռացուած եւ ահաբեկչութեան մեղադրանքով  բանտարկուած քաղաքապետուհի Չեթինը փոխարինած՝ կառավարութեան նշանակած պաշտօնեան ալ հետագային արտօնած է շատրուանին քանդումը:

Ժամանակի ընթացքին չորս կողմի ծորակները վնասուած ու խցանուած են, իսկ Կորքիի անունը քերուած է: Վերջին միջադէպով ալ անհետացած են Կորքիի կեանքի պատմութիւնը պատմող ցուցանակները:

Հարցումին, թէ ինչո՞ւ ջուրը կտրուած է, քաղաքապետարանը պատասխանած է, որ ատիկա կապուած է ջուրի պակասով, մերժելով հանդերձ որեւէ տեղեկութիւն հաղորդել պատճառուած վնասին մասին: