ՎԱՏԻԿԱՆ – Արամ Մանուկեանի «Sigma» ֆիլմին շնորհուած է հեղինակաւոր «Parole Aperte» մրցանակը

Վատիկանի Առաքելական գրադարանի «Սիքսթինեան» սրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցած է բեմադիր Արամ Մանուկեանի «Sigma» հայկական կարճ ֆիլմին ցուցադրութիւնը:

Սոյն ձեռնարկի ծիրին մէջ ժապաւէնը արժանացած է Վատիկանի հեղինակաւոր «Parole Aperte» մրցանակին: