Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարշաւայի սակարանը կը գնէ Հայաստանի սակարանի բաժնեթուղթերու 65,03 տոկոսը

ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս 24-ի նիստին Դրամատան խորհուրդը իր համաձայնութիւնը տուած է Վարշաւայի սակարանին (Լեհաստանի պետական սակարանը) կողմէ Հայաստանի սակարանի ձեռքբերման։ Ըստ առկայ համաձայնութեան՝ Վարշաւայի սակարանը ձեռք կը բերէ Հայաստանի սակարանի բաժնեթուղթերու 65,03 տոկոսը (967 բաժնեթուղթ)։

ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը կը պահպանէ 25,02 տոկոս մասնակցութիւն, մնացեալ 9,95 տոկոսը սեփական բաժնեթուղթեր են։ Գործարքին արժէքը կը կազմէ շուրջ 873 միլիոն ՀՀ դրամ։

Կեդրոնական դրամատան խորհուրդը կարեւոր կը համարէ Վարշաւայի սակարանին,– որպէս ազդու ներդրող,– մուտքը Հայաստանի ֆինանսական շուկայ, ինչ որ նոր թափ պիտի հաղորդէ Հայաստանի դրամագլուխի շուկայի զարգացման եւ խթան պիտի հանդիսանայ հայկական և լեհական դրամգլուխի շուկաներու համարկման համար՝ նոր կարելիութիւններ ընձեռելով թէ՛ հայկական ընկերութիւններու, թէ՛ ալ ներդրողներուն համար։

Վարշաւայի սակարանին կողմէ մշակուած զարգացման ծրագիրը կը նախատեսէ շարք մը միջոցներ՝ դրամագլուխի շուկայի ենթակառոցի զարգացման ուղղութեամբ, ինչպէս՝ առեւտրային համակարգի զարգացում, սակարանի եւ «Կենտրոնական դեպոզիտարիա»-ի (բաժնետիրական ընկերութիւն) ծառայութիւններու ընդլայնում, նորագոյն արհեստագիտական լուծումներու ներդրում…։