Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետը ընդունած է ԵՄ-ի Արտաքին գործոց եւ Անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչ Գայա Գալասը

Յունիս 30-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպական Միութեան (ԵՄ)  Արտաքին գործոց եւ Անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչ Գայա Գալասը:

Հանդիպումին քննարկուած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգին, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման, իրաւունքի գերակայութեան եւ կառավարման բարեփոխումներու ուղղութեամբ գործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ԵՄ-ին՝  Հայաստանին ցուցաբերուող շարունակական աջակցութեան համար եւ ընդգծած կառավարութեան յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան և խաղաղութեան ամրապնդման նկատմամբ։

Իր կարգին, տիկին Գալաս նշած է, թէ Հայաստան եւ ԵՄ երբեք այսքան իրարու մօտ չեն եղած, որքան այսօր, աւելցնելով, թէ ԵՄ-ը պատրաստ է առաւել ընդլայնել գործընկերութիւնը բոլոր ուղղութիւններով։

Կողմերը միտքերու փոխանակում ունեցած են նաեւ ԵՄ-ի մուտքի արտօնագրերու պարտաւորութեան ջնջումի հոլովոյթին շուրջ, նշելով թէ վերջին շրջանին այդ ուղղութեամբ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է։

Եւրոպացի դիւանագէտը յայտնած է, թէ Պրիւսէլ գոհունակութեամբ կ՚արձանագրէ Հայաստան-Ազերպայճան երկկողմ բանակցութիւններուն դրական ընթացքը, որ կրնայ հիմք հանդիսանալ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար։

Նոյն օրը, Գայա Գալաս եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ստորագրած են համաձայնագիր մը, ըստ որուն Հայաստան այսուհետեւ պիտի մասնակցի Եւրոպական Միութեան՝ տագնապներու լուծման ուղղուած գործողութիւններուն։