Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին:
Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրներու վարչապետերը քննարկած են ԵԱՏՄ-ի ներքին շուկայի գործունէութեան, գիւղատնտեսական արդիւնաբերութեան համակարգի զարգացման եւ ուժանիւթի բնագաւառի համագործակցութեան առնչուող հարցեր։
Միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը տեղի կ՚ունենար Փետրուար 3-ին: