Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը

 

Յունիս 11-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէն։ Վարչապետը  բարձր գնահատած է Եւրոպայի խորհուրդին հետ գործակցութիւնը՝ ընդգծելով անոր դերը ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման հոլովոյթներուն մէջ։

Իր կարգին Ալէն Պերսէ վերահաստատած է Եւրոպայի խորհուրդի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու սերտ գործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ օժանդակելու ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ուղղուած նախաձեռնութիւններուն։

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու եւ կայունութեան ապահովման առնչուող հարցերու։