Փետրուար 24-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Ան բարձր գնահատած է Հայաստան-ԵՄ համագործակցութիւնը և ընդգծած Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը, որ պիտի նպաստէ տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան:
Կողմերը անդրադարձած են Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական, բնապահական եւ ուժանիւթի ճգնաժամի հետեւանքներուն: Վարչապետը շեշտած է Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւին կարեւորութիւնը:
Անոնք միտքեր փոխանակած են Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին շուրջ: