Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետ Փաշինեան Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Ապրիլ 24-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Այնուհետեւ վարչապետը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը՝ ծանօթացած «Հայկական վարժարաններու հետքերով. ուսեալ ազգի վկայագրերը» խորագրով ցուցադրութեան ներկայացուած նիւթերուն: Այնտեղ ցուցադրուած է Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերուն մէջ գործած շուրջ 2.000 հայկական կրթօճախի երբեմնի բեղուն գործունէութիւնը, որ ընդհատուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով: