Յունուար 31-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Վարչապետը անդրադարձած է Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, եւ ընդգծած՝ հարցին լուծման ուղղութեամբ Ռուսաստանի կողմէ անհրաժեշտ քայլերու իրագործման կարեւորութիւնը:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգային այլ հարցերու շուրջ: