Վերսկսած է Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ հիւանդներու փոխադրութիւնը՝ Արցախէն Երեւան

Արցախի Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Յունիս 25-ին Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ վերսկսած է Արցախէն Հայաստան հիւանդներու փոխադրութիւնը։ Բերձորի միջանցքի տասնօրեայ ամբողջական պաշարումէն ետք, 25 հիւանդներ 9 ուղեկցողներու հետ փոխադրուած են Երեւանի բժշկական կեդրոնները։ 

Տակաւին շատեր կը սպասեն բուժուելու համար Երեւան փոխադրութեան, իսկ բուժուածներն ալ՝ իրենց Արցախ վերադարձին։

Նշենք, թէ նոյն օրը 4 երախաներ կը գտնուէին Ստեփանակերտի «Արեւիկ» բուժման կեդրոնի վերակենդանացման բաժնին մէջ։ «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-ին մէջ ալ 8  չափահասներ վերակենդանացման բաժինը կը գտնուին, որոնցմէ  երեքը՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։