Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Թիֆլիսի Հաւլաբար թաղին մէջ նկարներու ցուցահանդէս՝ նուիրուած Սումկայիթի, Պաքուի եւ Մարաղայի ջարդերուն

Փետրուար 27-ին, երիտասարդական միութեան կողմէ, Թիֆլիսի Հաւլաբար թաղին մէջ կազմակերպուած է նկարներու ցուցահանդէս՝ նուիրուած Սումկայիթի, Պաքուի եւ Մարաղայի ջարդերուն։

Լուրը հաղորդած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, Դիմագիրքի իր էջով։

Ցուցադրութեան նախորդած է միութեան նախաձեռնած իրազեկումի երթը՝ դէպի ցուցադրութեան վայր։