Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Թիֆլիսի մէջ նշուած է Սայեաթ Նովային նուիրուած 111-րդ Վարդատօնը

Մայիս 18-ին, Թիֆլիսի քաղաքապետութեան, Վիրահայերու միութեան, Հայաստանի դեսպանութեան, Վիրահայոց թեմի եւ «Պ․Ադամեան» հայկական դրամատիկական թատրոնի աջակցութեամբ, մայրաքաղաքին «Վախթանկ Կորկասալի» հրապարակին վրայ մեծ շուքով նշուած է Սայեաթ-Նովային նուիրուած 111-րդ Վարդատօնը։

Հանդիսութեան նախորդած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ հանգչող աշուղի շիրիմին վարդերու զետեղման արարողութիւնը։

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկ. Դաւթեան, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Վրաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, քաղաքապետութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Դիմելով ներկաներուն, դեսպան Աշոտ Սմբատեան ընդգծած է, թէ ինչպէս այսօր ներկաները, վաղն ալ ապագայ սերունդները միասին պիտի տօնեն Թումանեանի եւ Կրիշաշվիլիի հիմնադրած Վարդատօնը՝ լսելի դարձնելով Սայեաթ Նովայի պատգամները ոչ միայն հայերուն ու վրացիներուն, այլեւ ամբողջ աշխարհին։

Այնուհետեւ երգ ու պարով ելոյթներ ունեցած են մենակատարներ եւ համոյթներ։ Այս տարի արարողութեանց՝ թիֆլիսեան իր առաջին մենահամերգով մասնակցած է նաեւ երգիչ Յարութ Փամպուքճեան։