Փետրուար 17-ին Վրաստանի հայաբնակ Ջաւախքի շրջանի Ախալքալաք քաղաքի ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ սկիզբ առած են առաջին աշխատանքները։ ԹՈՒՄՕ-ի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ջաւախքի մասնաճիւղի գործակցութեան շնորհիւ աւելի քան 200 պատանիներ արդէն արձանագրուած են կեդրոն այցելելու եւ ճարտարագիտութեան ու ձեւաւորման հմտութիւններ ձեռք բերելու համար:
“Մեզի համար շատ խորհրդանշական է Ախալքալաքի մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոն բանալը։ Որպէս միջազգային վայր, որ կը ծառայէ հարիւրաւոր հայ պատանիներու, այս նոր տուփը ցոյց կու տայ մեր առաքելութիւնը՝ հասնելու իւրաքանչիւր հայ համայնքի սահմաններէն անդին”,– յայտնած է ԹՈՒՄՕ-ի գլխաւոր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան: «Ախլքալաք կեդրոն»-ը առաջին քայլն է ԹՈՒՄՕ-ի անվճար կրթական ծրագիրը Ջաւախքի պատանիներուն համար՝ ապագային ընդլայնումի ծրագրերով: