Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Սայեաթ-Նովայի երգն ու երաժշտութիւնը՝ Թիֆլիսի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ

Վիրահայութեան, ի մասնաւորի թիֆլիսահայութեան համար Մայիս ամիսը ոչ միայն գարուն է, վարդի բուրմունք ու սոխակի դայլայլում, այլեւ վարդատօն, որ աւանդաբար նուիրուած է հայ քնարերգութեան ռահվիրայ, աշուղական արուեստի վարպետ սիրերգակ Սայեաթ-Նովայի յիշատակին:

Մայիս 11-ին, «Վարդատօն»-ին ընդառաջ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկ. Դաւթեանի հանդիսապետութեամբ, «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է գեղարուեստական ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Սայեաթ-Նովային եւ անոր երգարուեստին:

Կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» դահլիճին մէջ համախմբուած մեծաթիւ թիֆլիսահայերը եկած են վերստին ճաշակելու Մեծն Սայեաթ-Նովայի երգն ու երաժշտութեան հմայքը, զգալու անոր խոհա-փիլիսոփայական ու բարոյա-խրատական տաղերգութեան արդիականութիւնը:

Աշուղին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք, գեղեցիկ կատարումներով հանդէս եկած է թեմի «Ներսէս Շնորհալի» մանկապատանեկան երգչախումբը, խմբավար եւ «Հայարտուն» կեդրոնի մենակատար Այտա Բազոյեան-Սուրմալեանի գլխաւորութեամբ:

Գեղարուեստական ձեռնարկին առանձնայատուկ փայլ տուած են դուդուկահարներու նուագակցութիւնը, տհոլի կատարումները (ղեկավար՝ Իվանէ Մկրտչեան) եւ Կարէն Միրզոյեանի դաշնակի մեղեդիները: