Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւնը

 

Վիրահայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւնը սկսած է Փետրուար 13-ին՝ նախատօնակով, եւ ընթացած է եկեղեցական արարողութիւններով ու ժողովրդական ուրախ հանդիսութիւններով: 

Թիֆլիսի  Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութիւնը կատարուած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դաւթեանի հանդիսապետութեամբ: Հակառակ ցրտաշունչ եղանակին, ամէնուրեք եկեղեցիները բազմամարդ եղած են: Քաղաքի Մեյտան եւ Հաւլաբար թաղամասերուն մէջ  հոգեւոր արարողութեան ներկայ եղած են մեծ թիւով երիտասարդներ։ Եկեղեցիներու բակերուն մէջ վառած են Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: Այնուհետեւ ծայր առած է տօնահանդէսը, ուր պարային համոյթները ներկայացուցած են հայկական ժողովրդական պարեր։

Վիրահայոց թեմի գրեթէ բոլոր հայաբնակ շրջաններուն մէջ գործող եկեղեցիներու  բակերէն  հնչած են հայրենասիրական եւ ազգագրական երգեր, դհոլի ու դուդուկի խումբերու կատարողութեամբ մեղմանուշ մեղեդիներ ու միասնական շուրջպարեր, որոնց միացած է ոգեշնչուած հասարակութիւնը:

Ժողովուրդին կողմէ սիրուած տօնը նախատօնակով, նորապսակներու օրհնութեամբ եւ խարոյկի շուրջ ուրախ երգ ու պարի ուղեկցութեամբ ընթացած է Բաթումիի Սուրբ Փրկիչ, Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ, Նինոծմինդայի Սուրբ Սարգիս, Ախալցիխէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն եւ յարակից գիւղերու սրբատեղիներուն մէջ:  

Իսկ Փետրուար 14-ին, Վիրահայոց թեմի գործող եկեղեցիներու մէջ  մատուցուած է տօնական պատարագ: