Վրաստանի Մշակոյթի նախարարի կարգադրութեամբ՝ Թիֆլիսի «Վանքի դպրոց»-ի տարածքին տեղի պիտի ունենան մանրազնին պեղումներ

 

Պատմական յայտնի աղբիւրներու համաձայն՝ Թիֆլիսի ներկայիս թիւ 104 դպրոցի տարածքին (նախկին՝ Կարեթուպանի, այժմ՝ Աթոնելի փողոց, Քուռ գետի աջափնեակ) 1430-1938 թուականներուն գործած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցին, որ կոչուած է նաեւ «Վանքի Մայր Տաճար» կամ «Հարանց վանք»: Եռագմբէթ վանական հսկայական համալիրը իր մէջ ներառած է վանահօր երկյարկանի շէնքը, կրթական ու մշակութային կեդրոններ, բնակելի սենեակներ: Բակին մէջ յուղարկաւորուած են նաեւ ժամանակի մեծերը:

Խորհրդային շրջանին գործուած «կարմիր ահաբեկչութեան» տարիներուն, 30-ական թուականներու Թիֆլիսի մէջ, ի թիւս միւս՝ վրացական, հայկական, կաթողիկէ եկեղեցիներուն, ոչնչացուած է նաեւ այս վանքի համալիրը: Այսօր վանական համալիրի տարածքին պահպանուած է զանգակատանը եւ երկյարկանի առաջնորդարանի մէկ մասը, որ բնակելի շէնքի մէկ հատուածը կը կազմէ։ Վանքին տեղ կառուցուած են թիւ 104 դպրոցը, Վրաստանի Մշակոյթի նախարարութեան շէնքը:

Ինչպէս կը տեղեկանանք «Վրաստան» թերթին մէջ տեղ գտած հրապարակումէն, վերջերս, նախարարութեան շէնքին ու բակին մէջ, որոնք յարակից են դպրոցին, կը տարուին վերանորոգման աշխատանքներ: Հողային աշխատանքներու ընթացքին բանուորները յայտնաբերած են կճասալէ, առանց գրութեան, ինչպէս նաեւ հայերէն ու վրացերէն գրութիւններով մարմարէ տապանաքարեր, մարդկային մասունքներ: Այդ մասին անմիջապէս տեղեկացուած է Վրաստանի մշակոյթի նախարար Թէա Ծուլուկիանին:

Հետամուտ ըլլալով կատարուածին՝ նախարարը հրաւիրած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանն ու «Վրաստան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վան Պայպուրթեանը: Հանդիպման որոշում կայացուած է մասունքները վերաթաղել Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ:

Թէա Ծուլուկիանիի նախաձեռնութեամբ ու կարգադրութեամբ՝ արդէն գալ տարուան Յունուարէն տուեալ վայրէն 20-50 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող տարածքին պիտի կատարուին նոր մանրազնին պեղումներ:

Թիֆլիսի մէջ գործող «Միասին» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լեւոն Չիդիլեան «Վրաստան»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է.

«Մենք շնորհակալ ենք նախարար Թէա Ծուլուկիանիին՝ սրտցաւութեան եւ աշխատանքները շարունակելու կարգադրութեան համար: Կը կարծեմ, այս տարածքին դեռ շատ մասունքներ ու տապանաքարեր կը գտնուին»:

Ցայժմ յայտնաբերուած է երկու դամբարան, ուր ոսկորներ կան, քանի որ, փաստօրէն, «Վանքի» տարածքին գործած է նաեւ իւրայատուկ պանթէոն: