Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Տագնապալի նոր շրջանի մը սկի՞զբը

Մայիս 22-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան 86.600 քառ. քմ.ի ճանաչումը, որ փաստօրէն կ՚ընդգրկէ Արցախի Հանրապետութիւնը, բուռն հակազդեցութիւններու առիթ տուաւ։ Առաջին հերթին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը արտակարգ նիստ գումարեց քննարկելու Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնները եւ միաձայն ընդունեց յայտարարութիւն մը, ուր յատկապէս կը նշուի, որ Նիկոլ Փաշինեան կոպտօրէն կը խախտէ Արցախի մասին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրի եւ Սահմանադրութեան ամրագրումները։ Կոչ կ՚ընէ համայն Հայութեան՝ թոյլ չտալու, որ Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց հայրենիքի մէկ մասը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները Ազերպայճանին զիջի, ինչ որ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ հայկական պետականութեան կորուստին։ Միաժամանակ, կը դիմէ Հայաստանի եւ Արցախի նախկին ու ներկայի նախագահներուն, որ դատապարտեն Փաշինեանի 2023 Մայիս 22-ի յայտարարութիւնները։ Այլապէս, լռութիւնը պիտի դիտարկուի որպէս Հայաստանի վարչապետին հետ համաձայնութեան նշան։

Հայաստանի նախկին նախագահներէն Քոչարեան ահաւոր սուր ու վիրաւորական ոճով արձագանգեց Արցախի Ազգային ժողովի կոչին ըսելով. “… չհամարձակուէք պատասխանատւութիւնը հիւանդ գլխից բարդել առողջի վրայ։ Եւ հաստատ՝ դուք չէ, որ կարող էք դատողութիւն անել իմ հայրենասիրութեան մակարդակի մասին։ Իմ մօտեցումները չեն փոխուել։ Հայրենիքի համար պէտք է պայքարել, այլ ոչ թէ պայքար ձեւացնել”։ Սերժ Սարգսեան, Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան եւս արձագանգեցին. Արցախի նախագահները նշեցին, թէ «Ոչ ոք բարոյական իրաւունք չունի որոշելու մեր ու մեր զաւակների ապագան։ …Հաւատում ենք, որ ինչպէս նախորդ տարիներին, այնպէս էլ այսօր համայն Հայութիւնը կը լինի Արցախի ժողովրդի կողքին»։ Արցախի նախկին Պետական նախարար եւ գործարար Ռուբէն Վարդանեան եւս խիստ հակազդեց Փաշինեանին, պնդելով որ Արցախ պիտի շարունակէ իր պայքարը։ Ընդդիմութենէն ՀՅԴ-ն յայտարարեց, որ կը պատրաստուի պայքարի նոր փուլ սկսելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութեան դէմ։ 

Մինչեւ իսկ Ֆրանսայի խորհրդարանական Ֆրանսա-Արցախ բարեկամական շրջանակը յայտարարեց, թէ թիկունք կը կանգնի ազատ եւ անկախ Արցախի եւ սարսափով կ՚ընդունի Հայաստանի վարչապետին Մայիս 22-ի յայտարարութիւնները… Ֆրանսայէն հայամէտ լրագրող Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն եւս հակազդեց յայտնելով, որ Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշումը Եւրոպայի Հայերու պաշտպանները կը դնէ անհանգիստ վիճակի մէջ։ Ան թուիթով մը Ալիեւէն չորս նկարներ տեղադրեց, ուր վերջինս կը յայտարարէ, թէ «Արցախի հարցը լուծուած համարելով՝ մեր օրակարգը հետեւեալն է. պէտք է վերադառնալ Արեւմտեան Ազերպայճանի հարցին… ներկայ Հայաստանը մե՛ր երկիրն է»։

Հայ Ազգային Կոնգրէս կը քննադատէ Փաշինեանի քաղաքական քայլերը, մինչ ընդդիմադիրները վարչապետը կը նկատեն Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետեւորդ մը։ Մայր Աթոռի Գերագոյն խորհուրդն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը եւս իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Արցախահայութեան պայքարին։

Բնականաբար, ուրախալի է Արցախահայութեան ինքնապաշտպանութեան, ինքնիշխանութեան համար պայքարի կոչը եւ պատրաստակամութիւնը, որուն պէտք է աջակցիլ ամէն կերպ։ Նո՛յնիսկ, հակառակ Հայաստանի կառավարութեան քաղաքական դիրքորոշումներուն։ Եւ թերեւս ալ ա՛յս է ճիշդ ճամբան, անկախանալ նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւէն։ Գործել իբրեւ անկախ Հանրապետութիւն եւ պահանջել ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը։ Խորքին մէջ Հայաստանի անկախութեան առաջին պահէն սկսեալ, երբ երկու անկախ Հանրապետութիւններու սկզբունքը ընդունուեցաւ, անհասկնալի պատճառներով Արցախի անկախութեան քաղաքական պատասխանատւութիւնը յանձնուեցաւ Հայաստանին, փոխանակ Արցախի ղեկավարութիւնը ինք ստանձնելու զայն։

Դիտելով հակազդեցութիւններու եւ զօրակցութիւններու այս հոսանքը, ինքնըստինքեան հարցում մը կը բխի, հայրենասիրութեան զեղումները ի՞նչ արժէք ունին, երբ տակաւին չէ վերականգնուած հայկական բանակի պաշտպանական կարողութիւնը։ Ի՞նչ արժէք ունին Հայաստանի կառավարութեան դէմ հակազդեցութիւնները, երբ գիտենք որ միջազգային հանրութեան, գերտէրութիւններու պարտադրանքին տակ է, որ զիջումները կը կատարուին, եւ ո՛չ անպատճառ Ազերպայճանի հրահանգին ենթարկուելով, ինչպէս ընդդիմութիւնը բեմերէն կը յայտարարէ։ Այլապէս, միջազգային հանրութիւնը միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններով՝ Ազերպայճանը դատապարտելու լայնածիր գործիքակազմ ունի, սակայն զայն գործադրելու տրամադիր չէ։

Եւ վերջապէս, արդեօք, Հայաստանի կառավարութեան դէմ այս հակազդեցութիւնները Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանի կողմէ դրդուած չե՞ն, Արցախը պաշտպանելու իր անկարողութիւնը ծածկելու եւ իր անպատասխանատու վարքը բարդելու համար Հայաստանի կառավարութեան վրայ։ Թէեւ 2020-ի պատերազմի աւարտին Փութին անթաքոյց կերպով յայտարարեց, որ Արցախ մաս կը կազմէ Ազերպէյճանի եւ ստանձնեց զայն պաշտպանելու պարտականութիւնը։ Իսկ ներկայիս, ռուսամէտ ճակատը դեռ կը յուսայ, որ իշխանափոխութիւն կատարուի եւ կտրականապէս հեռացուի արեւմտեան պետութիւններու ազդեցութիւնը Հայաստանէն եւ տարածաշրջանէն։ 

Ժ.Չ. ■