Մայիս 12-ին Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ Քննարկուած է 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնուած յանձնառութիւններու իրագործման ընթացքը:
Կողմերը միտքերու փոխանակում ունեցած են տարածաշրջանային հաղորդակցութեանց եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի ստեղծման, եւ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագրին վերաբերեալ։
Նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման շրջանակներուն մէջ Արցախահայութեան անվտանգութեան, իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ ԼՂ կարգավիճակին վերաբերեալ։ Ան շեշտած է նաեւ 44-օրեայ պատերազմով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներու շուտափոյթ լուծման կարեւորութիւնը՝ այդ կարգին հայ ռազմագերիներու անյապաղ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։