Թրամփի ընտրութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ Նեթանիահուի երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ, ԱՄՆ-Իրան լարումի ենթախորքին վրայ։ Այս անգամ Թրամփ, աւելի զգուշաւոր, առանց ակնարկելու Իրանի հետ հակամարտութեան, ջատագոված է Էրտողանը, յայտնելով թէ ինք կրնայ Իսրայէլ-Թուրքիա լարումի կարգաւորման միջնորդ հանդիսանալ, եթէ իսրայէլական կողմը «գիտակից» վերաբերում ցուցաբերէ։
Թրամփի այս խրատը կը մատնէ միջազգային քաղաքականութեան մէջ՝ նոր մաքսատուրքերու սահմանումով իր վարած բռնազբօսիկ քաղաքականութեամբ ստեղծուած տագնապին զուգահեռ այլ տագնապի բոյներ ստեղծելէ խուսափելու միտում մը։
Թէեւ ԱՄՆ-ու մէջ ժողովրդային զանգուածային դժգոհութեան ալիքը, միջազգային սակարաններու սուր անկումը Թրամփի ինքնավստահութիւնը տակաւին չեն խախտած, սակայն զինք կը մղեն զգուշաւոր ըլլալու եւ մտածելու, որ խուսափի նոր պայթիւնավտանգ տագնապներէ, որոնց հետեւանքները կարելի չէ գնահատել ի յառաջագունէ։
Հայկական տեսանկիւնէ դիտած, ԱՄՆ-ու յարձակում մը Իրանի վրայ տարածաշրջանը պիտի դարձնէ անկայուն, որ բնականաբար միայն բացասական ելք պիտի ունենայ Հայաստանի համար, որովհետեւ անոր հետապնդած խաղաղութեան ու անվտանգութեան ծրագիրը պիտի խախտի եւ ազերեւթրքական յարձակում մը աւելի հաւանական պիտի դարձնէ։
1993-էն ի վեր Թուրքիա ծրագրուած կերպով Հայաստանը շրջափակումի մէջ պահելով, կը ստիպէ որ ան բաւարարէ Ազերպայճանի բոլոր պահանջները։ Վերջինս պատրուակ կը ծառայէ Էրտողանին՝ պարտադրելու համար Հայաստանին, որ ուժասպառ՝ հրաժարի միջազգային հարթակներու վրայ դատական հետապնդումներէ, ի միջի այլոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն եւ վերջապէս համաձայնի Սիւնիքի միջանցքը բանալու պայմանին, Թուրքիոյ առիթ տալով որ ստեղծէ դարերով իր երազած համաթուրանական տնտեսական ու ռազմավարական գօտին։
Այս առումով, Թրամփ, մաքսատուրքային իր քաղաքականութեամբ, Եւրոպական երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի խախտումով, ուքրաինական պատերազմին՝ Ռուսաստանին, իսկ Պաղեստինի հետ հակամարտութեան մէջ ալ անվերապահ զօրակցելով Իսրայէլի, պայքարելով Իրանի դէմ, տարածաշրջանին մէջ ուղղակի հզօրացուց Թուրքիոյ դիրքերը, մանաւանդ Սուրիոյ մէջ անոր տարած յաղթանակէն ետք։
Միջազգային մեծ խաղացողներու ոչ մէկ յորդոր կամ սպառնալիք չէ կրցած Էրտողանին պարտադրել, որ բանայ Հայաստանի հետ սահմանը։
Հակառակ անոր որ Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնութիւնը դրական ընդունուեցաւ միջազգային մեծ խաղացողներու կողմէ, սակայն, Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու եւ Մինսքի խումբը լուծելու նախապայմանները կը մնան խոչնդոտ՝ փաստաթուղթի ստորագրման, հակառակ ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ու
յայտարարութիւններուն, թէ այդ պայմանագիրը նոր էջ մը պիտի բանայ Միջին Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ հաղորդակցակցութեան կապերուն մէջ։
Տարիներու ընթացքին Թուրքիա-Ազերպայճան համակարգուած ռազմավարութիւնը յաջողած է թուլացնել Հայաստանի դիրքը, որ կը ձգտի բազմակողմանի յարաբերութիւններ ստեղծել միջազգային մեծ խաղացողներուն հետ, խուսափելու համար Ռուսաստանի միահեծան ազդեցութենէն։ Ցայժմ միայն Ֆրանսան է որ անվարան հակազդեց Հայաստանի դէմ ազերական անընդունելի նախապայմաններուն ու Արտաքին գործոց նախարար Պառօ յայտարարեց. «Ազերպայճան հիմա ալ կը պահանջէ Հայաստանի Սահմանադրութեան վերանայումը։ Այս նոր նախապայմանը ընդունելի չէ եւ կ՚ուշացնէ խաղաղութեան համաձայնագրին կնքումը»։ Ան աւելցուց նաեւ թէ Ֆրանսա մօտէն կը հետեւի Պաքուի մէջ բանտարկուած՝ Արցախի հայերու դատավարութիւններուն։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։