Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Տեղի ունեցած է «Համահայկական երիտասարդական դիմադրութիւն» շարժման առցանց հաւաքը

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ Յունուար 16-ին տեղի ունեցած է «Համահայկական երիտասարդական դիմադրութիւն» շարժման առցանց ընդհանուր հաւաքը, որուն մասնակցած են 20 երկիրներէ շարժումին միացած 70-է աւելի երիտասարդական կազմակերպութիւններ՝ շուրջ 115 ներկայացուցիչներով։ Անոնք տարբեր ոլորտներու մէջ գործող (քաղաքական, եկեղեցական, կրթամշակութային, բարեսիրական, մարզական, ուսանողական…) եւ տարբեր հայեացքներ ունեցող կազմակերպութիւններ են, որ համախմբուած են շարժման տեսլականին, նպատակներուն եւ օրակարգին շուրջ։

Հանդիպումին բանախօսած է՝ Տաւուշի մարզի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան։ Ան ընդգծած է արտաքին թշնամիին հանդէպ վրէժի ոգիով առաջնորդուելու կարեւորութիւնը եւ ազգային արժանապատւութեան վերականգնումը, հրամայական համարած է պատերազմի վախէն ձերբազատումը, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան գաղափարականացումը, որոնց շնորհիւ պիտի յառաջանայ համատարած ժողովրդական պոռթկումը։

Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ Արշակ Մեսրոպեան ներկայացուցած է դիմադրութեան շարժման պայքարի հիմնական հինգ ուղղութիւններն ու յառաջիկայ աշխատանքները, որ պիտի իրականացուին։

Յառաջիկայ քայլերուն մասին տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում: Շեշտը դրուած է աշխատանքները Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ կեդրոնացնելու եւ սփիւռքեան համայնքներու երիտասարդութիւնը դիմադրութեան գաղափարին շուրջ կազմակերպելու վրայ։

«Հայ երիտասարդութիւնը չի հանդուրժեր եւ չէ համակերպած այսօրուան իրականութեան հետ։ Համահայկական երիտասարդական դիմադրութեան ցանցը օրէ-օր կ՚ընդլայնի, եւ իր ամբողջ կարողականութիւնն ու ներուժը պիտի կեդրոնացնէ սրբագրելու այս իրավիճակը»,– յայտարարած է երիտասարդական շարժումը։