Մարտ 14–18 Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Մանուշեանական շաբաթ»-էն ետք, Մարտ 28-ին, Տէսին–Շարփիէօի «Թոպոկան» թատրոնին մէջ ներկայացուեցաւ «Մանուշեան. այս յետմիջօրէին, ժամը 15-ին» թատերգութիւնը, որ կը պատմէ Միսաք Մանուշեանի եւ դիմադրութեան շարժումի մարտիկներուն մասին՝ ֆրանսացի երկու ոստիկաններու կողմէ Միսաք Մանուշեանի, Մարսել Ռեյմանի, Ժոզեֆ Տաւիտովիչի, Սփարթաքօ Ֆոնթանոյի եւ Օլկա Պանչիքի հարցաքննութեան միջոցով։
Մարտ 14-ին, Արտաշատ քաղաքի «Ամօ Խարազեան» պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ այս ներկայացումով բացուած էր Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօսութեան երկամսեան: Թատերգութեան հեղինակն է Շոշանա Պուխոպզա, իսկ բեմադիրը՝ Սաթէ Խաչատրեան:
Երեկոյթին բացումը կատարեցին Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան եւ Տէսին–Շարփիէօի քաղաքապետի մշակոյթի կցորդ, «Թոպոկան»-ի նախագահ Տընի Ճորքայէֆ: Ներկայ էին Ծերակոյտի մէջ Ֆրանսա–Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպէր–Լիւք Տըվինազ, Լիոնի քաղաքակոյտի (métropole) փոխնախագահ Հելէն Տիւվիվիէ Տրոմէն, Լիոնի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Օտրէ Հենոք, Լիոնի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեան, Արտաշատի թատրոնի տնօրէն Կամօ Նաղտալեան, Լիոնի քաղաքակոյտի եւ Լիոն քաղաքի, LICRA-ի՝ Օվերնեը–Ռոն Ալփ շրջանի մասնաճիւղի, Մոն-Վալերիէն յուշահամալիրի, Մանուշեան ընտանիքի եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։