Յուլիս 31-ին, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իր առանձնատան մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվինի հետ։
Առաջին նախագահի գրասենակէն կը հաղորդեն, թէ մէկ ժամէն աւելի տեւած զրոյցին յատկապէս շօշափուած են Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին առնչուող խնդիրները։
Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ ԱՄՆ-ու դեսպանութեան քաղաքական եւ տնտեսական բաժնի ղեկավար Ալիսըն Հաննա, քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճենիֆըր Հետտա եւ Առաջին նախագահի գրասենեակի տնօրէն Աւետիս Աւագեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։