Փետրուար 6-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետyvանքով անտուն մնացած բազմաթիւ մարդիկ ապաստանած են Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Լուրը հաղորդած է Akunq.net-ի թղթակից Կարօտ Սասունեան։
Ան նշած է, թէ թրքական իշխանութիւնները տակաւին չեն կրցած աղէտի որոշ գօտիներ փրկարարական ջոկատներ ուղարկել։ Բացի ատկէ, երկրաշարժէն տուժածներ, որոնց տուները վնասուած են, ստիպուած լքած են իրենց բնակարանները եւ գիշերած մարզասրահներու, մզկիթներու եւ եկեղեցիներու մէջ։
Տուժածներուն ապաստան տուած եկեղեցիներէն մէկն ալ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին է, որ բարեբախտաբար կանգուն մնացած է։
Երկրաշարժէն ամէնէն շատ տուժած քաղաքներէն մէկն ալ Անթաքիան է՝ Հաթայ նահանգին մէջ։ Այնտեղի հայկական եկեղեցւոյ քահանայ Աւետիս Թապաշեան հաղորդած է, որ հայ համայնքի անդամ երկու ընտանիք եւ մայրիկ մը դեռ աւերակներուն տակ են, եւ կարելի չէ եղած անոնցմէ որեւէ տեղեկութիւն ստանալ։
Կարօտ Սասունեանի յայտնած մէկ այլ ցաւալի լուրին համաձայն՝ երկրաշարժին պատճառով Ատըեամանի Քահթա շրջանին մէջ զոհուած են հայազգի երգիչ Ստեփան Եփրեմեանի (թրք․ ծածկանունը՝ Իլհան) աւագ եղբայրն ու այլ ազգականները։ Տիգրանակերտի մէջ, բացի Զիլան Տիգրիս զոյգէն, աւերակներու տակ մնացած են հայկական համայնքէն պարոն Իլհամիի դուստրն ու ընտանիքը։