Ապրիլ 22-28, Տուպայի մէջ տեղի ունեցած 2025 թուականի «Classic Violin Olympus» միջազգային մրցոյթին 42-ամեայ ջութակահար Հայկ Կազազեան արժանացած է առաջին մրցանակին, շահելով 200.000 եւրօ պարգեւ։ Ան արժանացած է նաեւ ջութակագործ Ֆապիօ Փիաճենթինիի կողմէ Սթրատիվարիուսի նախատիպով յատկապէս պատրաստուած ջութակին։
“Սա իրապէս անհաւատալի է, երազի նման։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ նուագիս ու արուեստիս ցուցաբերուած գնահատանքին համար։ Ես մեծ պատասխանատւութիւն կը զգամ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք այսօր հաւատացին ինծի”,– բեմին վրայ մրցանակը ստանալու պահուն ըսած է Հայկ Կազազեան։
Աւարտականին, 12 ջութակահարներ մրցած են վեց փուլէ բաղկացած ծրագրով մը, որ նախատեսուած էր տարբեր հմտութիւններ ցուցադրելու համար՝ ներառեալ ելոյթներ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին (խմբավար՝ Սերկէյ Սմբատեան) եւ Մատրիտի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ, անհատական ելոյթներ, եւ հարցում-պատասխան՝ դատակազմի անդամներուն հետ։
Մնացեալ 11 մրցակիցները արժանացած են 10.000-ական եւրօ դրամական պարգեւի։
Բացի ատկէ, ծանօթ խմբավարներէ եւ հեղինակաւոր նուագախումբերու, փառատօներու եւ համերգային շարքերու տնօրէններէ բաղկացած 25 հոգինոց դատակազմի իւրաքանչիւր անդամ եզրափակիչ փուլին հասած քանի մը մրցակիցներու կ’առաջարկէ ելոյթ ունենալ իրենց յառաջիկայ համերգներէն մէկուն ընթացքին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։