Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքի մը ստեղծագործական ուժն ու յարատեւութիւնը ներկայացնող բացառիկ ցուցադրութիւնը՝ Սարդարապատի հայոց ազգագրութեան թանգարանին մէջ 

Սարդարապատի հայոց ազգագրութեան թանգարանին մէջ բացուած է «Երեք սերունդ» ցուցահանդէսը, ուր մէկ ընտանիքի հինգ կին արուեստագէտներ՝ Էլիզապէթ Պաղտիկեան-Մինասեան, Զարուհի Տէր-Մանուկեան, Շաքէ Սարգսեան, Արուսեակ Առաքելեան եւ կրտսեր Էլիզապէթը կը ներկայացնեն ժանեակագործութեան, պայուսակներու եւ խեցեգործութեան իրենց աշխատանքները։

Screenshot

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած այս ընտանիքին պատմութիւնը կը սկսի Շապին Գարահիսարէն եւ Կեսարիայէն։ Արուեստի հանդէպ սէրը փոխանցուած է սերունդէ-սերունդ՝ Զարուհիի ասեղնագործութենէն մինչեւ կրտսեր Էլիզապէթի խեցեգործութիւնն ու ապակեգործութիւնը։

Screenshot

Էլիզապէթ Պաղտիկեան-Մինասեանի մօրենական պապը՝ Սահակ Սարգսեան, կաթոլիկ էր ու անգլիահպատակ, այդ պատճառով անոր ընտանիքը կը փրկուի ցեղասպանութենէն։ Սահակ, աւարտելով Քեմպրիճի համալսարանը, վերադարձած է Պոլիս եւ ստանձնած ֆրանսական գոլէճի տնօրէնի պաշտօնը։ Անոր շնորհիւ, շատ որբեր փոխադրուած են Ֆրանսայի հայկական որբանոցներուն մէջ։ Սարգսեանները, չկարողանալով հանդուրժել թրքական միջավայրը, կը մեկնին Պուլկարիա՝ հաստատուելով Փլովտիւ քաղաքը։ Հոն անծանօթ պատճառով մը հրդեհ կը ծագի՝ այրելով Սահակի գիրքերը՝ թարգմանութիւններն ու այլ գրութիւնները։ Դէպքը անոր վրայ ծանր կ’ազդէ եւ կարճ ժամանակ յետոյ, ան կը մահանայ։

Էլիզապէթի հօրենական պապը՝ Յակոբ Մինասեան, այդ ժամանակ կ’ապրէր Կեսարիոյ մօտ գտնուող՝ Էսքիշեհիր քաղաքը։ Ցեղասպանութեան ընթացքին նոյնիսկ այն հայերը, որոնք զգուշացուած էին բարեկամ քիւրտերու կողմէ, չհասցուցին դուրս գալ եւ դաժան ճակատագրի ենթարկուեցան։ Կը սպանուի նաեւ Յակոբի 8-ամսեայ յղի կինը՝ 7-ամեայ որդիին աչքերուն առջեւ։

Սահակ ամուսնացած է Զարուհի Տէր-Մանուկեանի հետ, որ հրաշալի ասեղնագործ էր։ Շիւղերով հագուստ գործելու հմտութեան գաղտնիքները ան կը բացայայտէր իր աղջկան՝  Շաքէին, որ Էլիզապէթի մայրն էր։