Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Կիպրացի Լուքաս Ֆուռլասի եւ Ֆրանսացի Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամիի նախաձեռնութեամբ, քաղաքական բոլոր խմբակցութիւններէն 43 երեսփոխաններ նամակ մը յղած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին եւ Եւրոպայի Արտաքին գործոց ու ապահովութեան քաղաքական հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսէփ Պորէլին՝ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին ընդառաջ։ Լուրը հաղորդուած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի Դիմագիրքի էջին վրայ։
Նամակին մէջ նշուած է, թէ եւրոպացի խորհրդարանականները ահազանգ կը հնչեցնեն Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ Ազէրպայճանի վարած ցեղային զտման քաղաքականութեան կապակցութեամբ։ Երեսփոխանները կոչ յղած են օգտագործելու Եւրոպական Միութեան տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր լծակները՝ Ազէրպայճանի վրայ ճնշում գործադրելու, որպէսզի այդ երկիրը վերջ տայ Արցախի բնակչութեան դէմ վարած իր յարձակողական քաղաքականութեան, անյապաղ վերադառնայ իր նախկին դիրքերը (ակնարկը՝ Փառուխի եւ շրջակայ բարձունքներուն կը վերաբերի – «ՆՅ») և դադրեցնէ բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք կրնան վտանգի ենթարկել Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը։
Անդրադառնալով նամակին՝ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան շեշտած է․– «Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է՝ ուղղուած Եւրոպական Միութեան գործադիր ղեկավարներուն, քանի որ հոն յստակ գնահատական կը տրուի Ազէրպայճանի վարած քաղաքականութեան, զայն բնորոշելով ցեղային զտման քաղաքականութիւն։ Պէտք է շարունակենք հետեւողական ըլլալ, որպէսզի ԵՄ-ը ճնշում բանեցնէ Ազէրպայճանի վրայ՝ վերջ տալու համար Արցախի հայաթափման սանձարձակ կեցուածքին»։