Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան Եկեղեցւոյ կը թելադրէ կուսակցութիւն ստեղծել

Մայր Աթոռ կը հակազդէ

Վարչապետ Փաշինեան Մայիս 19-ին դպրոցականներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է. “Եթէ եկեղեցին ուզում է քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել, Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր է, կարող են նաեւ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել։ Ո՛չ մի բան չի խանգարում, որ կուսակցութիւն ստեղծեն, եւ այդ կուսակցութեան շրջանակներում նաեւ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալեն, ինչն աւելի ազնիւ կը լինի, եւ ընտրողների առաջ էլ, եւ այլ քաղաքական մրցակիցների հետ էլ կը լինեն նոյն հարթութեան վրայ”։

Արձագանգելով վարչապետին այս յայտարարութեան՝ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին յայտնած է.

“Եթէ ոմանք ուզում են եկեղեցագիտութեամբ զբաղուել, կարող են փորձել ընդունուել Հոգեւոր ճեմարան, ի հարկէ եթէ յաղթահարեն ընդունելութեան համար սահմանուած կրթական շեմը, համոզիչ փաստարկներ ներկայացնեն իրենց առողջական բարւոք վիճակի վերաբերեալ”։