Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան ժամանած է Թուրքիա

Յունիս 19-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով ժամանած է Թուրքիա:
Պոլսոյ միջազգային օդակայանին մէջ վարչապետը դիմաւորած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար Պերրիս Էքինճի:

Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում կ՚ունենայ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ նոյն օրը երեկոյեան ալ նախատեսուած էր տեսակցութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, հայր ու որդի Կարապետ եւ Նիկողոս Պալեանի կառուցած Տոլմապահչէի պալատին մէջ։

Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Արարատ Միրզոյեան, ԱԳ փոխնախարար Վահան Կոստանեան, հայ թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման հարեցերու բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան եւ այլ պաշտօնատարներ։