Փաշինեան. «Խաղաղութեան պայմանագրի երկու յօդուած տակաւին համաձայնութեան չեն արժանացած»

Փետրուար 26-ին, վարչապետ Փաշինեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութեան հետ հանդիպումէն ետք, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն ըսած է, թէ Հայաստան Ազերպայճանէն ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի 12-րդ խմբագրութիւնը, որ կը վկայէ որ գործընթացը փակուղիի մէջ չէ՝ աւելցնելով, թէ այժմ Հայաստան պէտք է իր առաջարկները ներկայացնէ:

“Եթէ Ադրբեջան ընդունի, արդէն կը նշանակի, որ պիտի գործնականացնենք եւ թղթին տանք, ստորագրենք։ Եթէ համաձայնեցուած է, կարող ենք ժողովրդին, հանրութեանը եւ մեր լրատուամիջոցներին աւելի բաց ներկայացնել, կամ եթէ մերժուած է, այդ մերժման բերումով կարող ենք աւելի բաց ներկայացնել, թէ ինչ առաջարկ էինք մենք անում։ Բայց իրականում յոյս ունեմ, որ այդ առաջարկը կ՚ընդունուի, որովհետեւ էլի եմ ասում՝ առաջարկ չէ, դա հարցի լուծում է”։

Ինչ կը վերաբերի համաձայնութեան չարժանացած երկու կէտերուն, Փաշինեան ըսած է, թէ նախագծին մէջ կան համաձայնութեան չարժանացած կէտեր, որոնց շուրջ աշխատանքը պէտք է շարունակել: “Օրինակ՝ 17 յօդուածներից 15-ը համաձայնեցուած են, 2-ը դեռ քննարկման փուլում են, որոնցից առաջինը վերաբերում է սահմանի երկայնքով 3-րդ երկրների ուժերի տեղակայմանը, միւսը՝ միջազգային ատեաններում իրաւական եւ դիւանագիտական այլ վէճերին”։

Պատասխանելով տարածաշրջանային հաղորդակցութեան վերաբերող հարցումին՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստան երբեք չէ համաձայնած որեւէ փաստաթուղթի, որ կը սահմանափակէ իր ինքնիշխանութիւնը կամ տարածքային ամբողջականութիւնը: Հայաստանի դիրքորոշումն այն է, որ ապաշրջափակման գործընթացը պէտք է ըլլայ հաւասար իրաւունքներով ու պայմաններով:

Փաշինեանի խօսքով՝ առաջարկուող լուծումները պէտք է հիմնուած ըլլան փոխադարձ յարգանքի եւ իրաւահաւասարութեան վրայ:

“Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք, ո՛չ մի անգամ, ո՛չ մի տեղ, ո՛չ մի փաստաթղթով ո՛չ գրաւոր, ո՛չ բանաւոր չի պարտաւորուել, չի համաձայնել, չի ընդունել, որ տարածաշրջանային ապաշրջափակման համատեքստում Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը որեւէ ձեւով կարող է նսեմացուել, կամ որեւէ ձեւով կարող է սահմանափակուել”,– ընդգծած է ան։

Ըստ ՔՊ խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանի՝ հանդիպումին քննարկուած է իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնն ալ։

Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ կառավարութեան անդամներ: