Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ յատկապէս որոշ եկեղեցականներու դէմ սանձազերծած գրոհէն ի վեր կը յատկանշուի իր կոշտ ու անվայել խօսոյթով, չըսելու համար աւելին, Յունիս 28-ին առաջարկած է «հրադադար» մը։
Փաշինեան այս մասին Յունիս 28-ին կատարած է հետեւեալ գրառումը Դիմագիրքի իր էջին.
«Առաջարկում եմ հանրային կոնսենսուս ձեռքբերել, որ մի իքս ամսաթուից հանրային-քաղաքական-հրապարակային դաշտում հայհոյախօսութիւնը եւ հիբրիդային թիրախաւորումը դադարեցնում ենք եւ անցնում բացառապէս քաղաքակիրթ եւ յարգալից բանավէճի, եւ միայն ստուգուած փաստերի վրայ հիմնուելու տրամաբանութեանը։
Առաջարկում եմ Յուլիսի 1-ը որպէս կոնսենսուսի մեկնարկի ամսաթիւ եւ այս պահից մինչեւ Յուլիսի 5-ը վետօ եմ դնում իմ կողմից “պարականոն” բառապաշարի եւ խօսոյթի կիրառման վրայ»։
***
Նշենք, թէ դեռ նախորդ օր՝ Յունիս 27-ին, վարչապետը գործածած էր իր պաշտօնին անվայել ու այլապէս անընդունելի բառամթերք ու վիրաւորական արտայայտութիւններ ի տեսութիւն Աջապահեան արք.ի բանտարկութեան։
***
Արդարութեան համար պէտք է նշել, թէ եկեղեցականներու ճակատէն ալ պարբերաբար կ՚ըլլան յա՛տկապէս հոգեւորականի մը անվայել արտայայտութիւններ, որոնց անդրադարձը զանց կ՚առնենք հոս, յաւակնութիւնը չունենալով դառնալու հայհոյալից խօսքերու մրցավազքի իրաւարար։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։