Յուլիս 25-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, թէ Պրիւսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ Ազերպայճանի նախագահին հետ հանդիպումին Ակնայէն դէպի Ստեփանակերտ բեռներու մատակարարման հարցը չէ քննարկած։
“Նման հարց քննարկելու լիազօրագիր չունեմ։ Բերձորի միջանցքը ստեղծուել է եռակողմ յայտարարութեամբ, դա ստորագրել եմ ե՛ս, դրա քննարկան լիազօրութիւնը ունեմ”,– ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ Շառլ Միշէլի՝ այդ ճամբով մատակարարումներ կատարելու մասին յայտարարութիւնը անակնկալ չէր, բայց ինք նման հարց չէ քննարկած, քանի որ ո՛չ ատոր անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ, ո՛չ ալ նման լիազօրագիր ունի։
Ան նաեւ յայտարարած է՝ Բերձորի միջանցքին ստեղծուած իրադրութեան հասցէագրումն ու կարգաւորումը պէտք են Հայաստանին ու Արցախին։
Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախի բնակչութեան վերաբնակեցման հարցը չէ քննարկած
Անդրադառնալով լրագրողի մը հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի գործընկերներուն հետ քննարկա՞ծ է Արցախը Ռուսաստանի կազմին մէջ ներառելու պարագան, Փաշինեան պատասխանած է. “Ես արձագանգ ուղղակի չունեմ, որովհետև դա ինձ չի վերաբերում”։
Հարցումին, թէ իշխանութիւնը քննարկա՞ծ է բռնի տեղահանման պարագային Արցախի ժողովուրդի՝ Հայաստանի մէջ վերաբնակեցման խնդիրը, ան պատասխանած է. “Մենք քննարկում ենք մի՛այն Արցախի Հայութեան սեփական տներում, ծննդավայրում ապրելու հնարաւորութիւններ ստեղծելու հարցը”։
Նոյն մամլոյ ասուլիսին Փաշինեան ընդգծած է, թէ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կարող որոշել Արցախի ժողովրդի ճակատագիրը»։ Հայաստանի կառավարութիւնը կը մեկնի այն տրանաբանութենէն, որ Արցախի ներկայացուցիչները իրե՛նք պէտք է ըլլան բանակցութիւններու, երկխօսութեան կողմ։ “Մենք հէնց այդ օրակարգն ենք առաջ մղում՝ նկատի ունենալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է քննարկուեն Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչների մասնակցութեամբ՝ Բաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան ձեւաչափով՝ միջազգային գործիքակազմի շրջանակին մէջ։ Կարծում եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, կառավարութիւնը այս բանաձևի շրջանկում հնարաւորութիւն կ՚ունենան հասցէագրել իրենց յուզող բոլոր հարցերը, եւ ոչ միայն հարցեր առաջադրել, ոչ միայն բովանդակութիւն ծաւալել, այլեւ, որ շատ կարեւոր է՝ կրել այդ բովանդակութեան հետ առնչուող քաղաքական պատասխանատւութիւնը”,– նշած է վարչապետը։
Ան յիշեցուցած է, թէ նախապէս ալ յայտարարած է, որ մտածելու հարց է, թէ «արդեօք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հնարաւոր խաղաղութեան պայմանագրին մէջ անդրադարձ ըլլա՞յ Լեռնային Ղարաբաղին, թէ՞, յամենայն դէպս, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հետ կապուած հարցերը հասցէագրուին այլ տրամաբանութեամբ»։
Փաշինեան ընդգծած է, որ այս հարցին մասին տակաւին որոշում չեն կայացուցած, որ սակայն, չի նշանակեր, թէ դիրքորոշում չունին։