Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան. «Հայաստան սկսած է Ազերպայճանէն տեղահանուած Հայերու մարդահամարը» 

Գերմանիա կատարած այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, թէ Հայաստան սկսած է Ազերպայճանէն տեղահանուած Հայերու մարդահամարը։ Լուրը կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։

“Հիմա անոնք (Ազերպայճանի իշխանութիւնները) կ՚ըսեն, որ Հայաստան բնակած Ազերպայճանցիներու մարդահամար կը կատարեն։ Այդպէս, մենք ալ կը կատարենք Պաքուէն, Սումկայիթէն, Շահումեանի շրջանէն տեղահանուած Հայերու մարդահամարը։ Միաժամանակ կը հաշուարկենք նիւթական վնասը, զոր անոնք կրած են”,– ըսած է վարչապետը մամուլի ասուլիսի ընթացքին։

Պաքու կը պնդէ, որ Հայաստանէն հեռացածները գաղթական են եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահէն կը պահանջէ ապահովել անոնց վերադարձը։

Ազերպայճանի պաշտօնական լրասփիւռներու մէջ հրապարակուած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնքի» նամակը՝ ուղղուած Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին։ Այս նորելուկ կազմակերպութիւնը Շառլ Միշէլէն կը խնդրէ աջակցիլ Ազերպայճանցիներու ապահով վերադարձին՝ Հայաստան։ Փորձագէտները դիտել կու տան, որ սա սեփական պատմութիւնը խմբագրելու Ազերպայճանի նախագահի յաջորդական քայլն է։ Պաքու պետական մակարդակով նախապէս ալ շրջանառութեան մէջ դրած էր «Արեւմտեան Ազերպայճան» եւ «Արեւմտեան Զանգեզուր» կեղծ հասկացութիւնները:

Ազերպայճանի մէջ վերջերս սկսած են այսպէս կոչուած «բռնագաղթածներու» ունեցուածքի հաշուառում կատարել։ Այս ծիրին մէջ՝ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս, Հայաստանը կը ներկայացնեն որպէս Արեւմտեան Ազերպայճան։ Ոգեւորուած Իլհամ Ալիեւի՝ «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի նոր գաղափարի բռնկումով, Պաքու նաեւ կը պնդէ, որ բոլոր անոնք որոնք լքած են Հայաստանը, գաղթական են եւ ունին վերադառնալու իրաւունք։