Փաշինեան հարցազրոյց ունեցած է Հայաստան այցելած թուրք լրագրողներուն հետ

Վերջիններս այցելած են հայ-թրքական սահմանը

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի հանրային կապերու եւ տեղեկատւութեան կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած եւ գանձատրուած` թրքական լրասփիւռներու մասնակցութեամբ եռօրեայ շրջապտոյտի ծիրին մէջ, լրագրողները այցելած են Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի «Մարգարա» անցակէտը։ Թուրք լրասփիւռներու ներկայացուցիչները ծանօթացած են վերանորոգուած անցակէտին, անոր թեքնիք կարելիութիւններուն։ Անոնք արձանագրած են, թէ անցակէտը ամբողջութեամբ պատրաստ է գործածութեան։

Նշենք, թէ նախապէս վարչապետի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնէն տեղեկացուցած էին, թէ նպատակ ունենալով Թուրքիոյ լայն հանրութեան՝ կարելի եղածին չափ ուղղակի եւ հանգամանալից ներկայացնել տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Հայաստանի մօտեցումներն ու դիրքորոշումները, կազմակերպուած է թրքական լրատու միջոցներու շրջապտոյտ։

Միւս կողմէ, Մարտ 12-ին վարչապետ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին կարճ տեսանիւթ մը հրապարակած էր, նշելով թէ հարցազրոյց ունեցած է թրքական լրասփիւռներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հարցազրոյցին մանրամասնութիւնները տակաւին յայտնի չեն։

Այս կապակցութեամբ «Հրապարակ» թերթը կը գրէր. «Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ Նիկոլ Փաշինեան թուրք լրագրողներու հետ հարցազրոյցին խօսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանը առանց նախապայմանի բանալու, ինչպէս նաեւ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը վերանայելու, Մեղրիով երկաթուղային անարգել բեռնափոխադրում ապահովելու պատրաստակամութեան մասին»։

***

Ռուբէն Ռուբինեան՝ թրքական «NTV»-ին. «Հայաստան պատրաստ է առանց որեւէ նախապայմանի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու»

Վերեւ նշուած նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ Հայաստան այցելող թուրք լրագրողները հարցազրոյց մը ունեցած են նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի հետ։ Թրքական «NTV» հեռատեսիլի կայանը հրապարակած է կատարուած հարցազրոյցը։

Ռուբինեան նշած է, թէ Հայաստան ամբողջովին պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այդ հարցին մէջ Հայաստանի մօտեցումը գործընթացի սկիզբէն մինչեւ այսօր չէ փոխուած։ “Կ’ակնկալենք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում, ներառեալ՝ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, եւ Հայաստանի ցամաքային սահմանի ապաշրջափակում”,– ընդգծած է ան։

Խօսելով կարգաւորման գործընթացին մասին՝ հայկական կողմի բանագնացը անգամ մը եւս շեշտած է, թէ Հայաստան պատրաստ է առանց որեւէ նախապայմանի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու։ Ըստ Ռուբինեանի՝ Հայաստան պատրաստ է նաեւ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման։ “Հայաստան ինչպէս երէկ էր եւ այսօր ալ է, վաղն ալ պատրաստ պիտի ըլլայ ամբողջական կարգաւորման ու եթէ Թուրքիա ալ նման քաղաքական կամք ունենայ, այդ բոլորը շատ արագ կ’իրականանայ”,– ըսած է Ռուբինեան, խօսելով այն բոլոր բնագաւառներուն մասին, զորս կարելի է բնականոնացնել։

Վերջինիս համաձայն՝ Հայաստան սահմանի բացման հարցին մէջ կը սպասէ Թուրքիոյ քայլին։ Այս համածիրին մէջ ան եւս ընդգծած է, որ հայկական կողմը գտնուող Մարգարա անցակէտը վերանորոգուած է եւ  գործածութեան պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ նոյնը կ՚ակնկալուի թրքական կողմէն։