Կիրակի, Յունիս 29-ին, վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է նախագահ Մաքրոնի հետ։
Հայաստանի վարչապետը Ֆրանսայի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած է յարաբերութիւններու զարգացման՝ անոր անձնական նպաստին համար։
Ֆրանսայի նախագահն ալ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներու օրակարգին եւ Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած խաղաղութեան ռազմավարութեան։
Աւելի ուշ, նախագահ Մաքրոն այս մասին հետեւեալ գրառումը կատարած է «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին.
«Շատ լաւ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Իրեն յայտնեցի Ֆրանսայի զօրակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնելու ուղղուած փորձերու ենթախորքին։
Վերահաստատեցի մեր աջակցութիւնը՝ Ազերպայճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու անոր խիզախ ջանքերուն։
Խաղաղութիւնը եւ բաց սահմանները մեծ յառաջխաղացք պիտի ըլլան ամբողջ տարածաշրջանին համար եւ օրինակ պիտի ծառայեն անկէ դուրս»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։