Բաւական ժամանակ առաջ ծայր առած եւ վերջին օրերուն բորբոքած Մայր Աթոռ – Փաշինեան բանակռիւը կը շարունակուի։
Հայաստանի վարչապետը հակադարձելով Մայր Աթոռին, Մայիս 22-ի մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է. «Յոյսով եմ՝ հոգեւոր ճեմարան աւարտած եւ բարձրաստիճան պաշտօններ զբաղեցրած բոլոր անձինք հոգեւոր ճեմարան ընդունուելիս եւ աւարտելիս բաւարար փաստարկներ եւ փաստեր ներկայացրել են իրենց հոգեւոր, մարմնական, ընդհուպ մինչեւ սեռական առողջութեան վերաբերեալ»: