Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 26-ին ընդունելով Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պառօն ողջունած է վերջինիս Հայաստան այցելութիւնը եւ յայտնած թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ կարեւոր համարած է տարբեր բնագաւառներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան ա՛լ աւելի զարգացումն ու ամրապնդումը:
Ժան-Նոէլ Պառօ իր կարգին նշած է, թէ իր երկիրը պատրաստ է ընդլայնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են ենթակառոյցներու զարգացման եւ միատեղ նոր ծրագրերու իրագործման վերաբերող հարցեր:
Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան համաձայնագրին վերջին զարգացումներուն շուրջ: Վարչապետը անգամ մը եւս շեշտած է Հայաստանի կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։