Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան-Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 14-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: Կողմերը անդրադարձած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն և ընդգծած՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ամերիկեան կողմին՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ Հայաստանին ցուցաբերած հետեւողական աջակցութեան համար։ Ան նշած է, թէ  ժողովրդավարութեան  ամրապնդումը ՀՀ կառավարութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնն է եւ Հայաստան պիտի շարունակէ ընթանալ այդ ուղղութեամբ։

Երկուստեք անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Արցախի շուրջ ստեղծուած լարուած իրավիճակին, շեշտելով Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս Արցախեան հարցի համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի նպաստէ Հայաստանի և Ազէրպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման։ 

ՀՀ վարչապետը եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող երկխօսութեան շուրջ: