Մարտ 20-ին, վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերող հարցեր: Անոնք միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու բացման հեռանկարներուն շուրջ: Պլինքըն վերահաստատած է Բերձորի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու մասին իր կոչը եւ ընդգծած, որ Ուաշինկթըն պատրաստակամ է շարունակելու աջակցութիւնը վերոնշեալ հոլովոյթներուն:
Փաշինեան մտահոգութիւն յայտնած է վերջին շրջանին Ազերպայճանի կողմէ կրկնուող յարձակողական հռետորաբանութեան կապակցութեամբ: