Սիւնիքի ճանապարհին շուրջ քննարկումներու լոյսին տակ, Յուլիս 19-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած են Հայաստանի եւ Իրանի ղեկավարները:
Այս կապակցութեամբ Երեւան հաղորդած է, թէ Նիկոլ Փաշինեան ու Մասուտ Փեզեշքեան քննարկած են երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգին վերաբերող հարցեր։
«Վարչապետը Իրանի նախագահին ցաւակցութիւն է յայտնել նախորդ ամիս տեղի ունեցած իրադարձութիւնների [խմբ. Իսրայէլ-Իրան 12-օրեայ պատերազմի] հետեւանքով զոհերու կապակցութեամբ»,– յայտած են Փաշինեանի գրասենեակէն՝ աւելցնելով, թէ վարչապետը Իրանի նախագահը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Հայաստան:
Հայաստանցի ու իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հեռաձայնային զրոյցները կը յաջորդեն Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանին յայտարարութեան, թէ հայ-ազերպայճանական տարակարծութիւնները հարթելու համար Միացեալ Նահանգներ առաջարկած է 100 տարի վարձել Իրանի հետ սահմանակից Սիւնիքէն անցնող ճանապարհը:
Երեւանի հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնութիւններ չկան. յայտնի չէ, թէ արդեօք անդրադարձ եղա՞ծ է ամերիկեան առաջարկին եւ ի՞նչ տեսակէտ յայտնած է Իրանի նախագահը: Յստակ չէ նաեւ, թէ որո՞ւն նախաձեռնութեամբ կայացած է հեռաձայնային զրոյցը:
Նշենք, թէ Յուլիս 17-ին ալ հեռաձայնային զրոյց ունեցած էին Հայաստանի ու Իրանի Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարները, իսկ յաջորդ օրը Երեւանի մէջ փոխվարչապետը ընդունած էր Իրանի դեսպանը։ Երկու պարագային ալ քննարկուած է ապաշրջափակման հարցը։
Յուլիս 19-ին, Թեհրան մանրամասնութիւններ հաղորդած է Արմէն Գրիգորեան-Ալի Աքպար Ահմատեանի հեռաձայնային զրոյցէն: Ըստ այդմ՝ իրանցի դիւանագէտը վերահաստատած է, թէ «Իրան դէմ է տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան»:
Թեհրանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ դէմ են տարածաշրջանին մէջ «երրորդ ուժի ներկայութեան», ինչպէս նաեւ Պաքուի պահանջած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։