Յառաջիկայ Ապրիլ 23-ին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փաստագրելով յանցագործութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողները» խորագրեալ առժամեայ ցուցադրութեան պաշտօնական բացումը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին:
Ցուցադրութեան կը ներկայացուին շուրջ եօթանասուն ականատեսի վաւերագրութիւններ՝ յուշագրութիւններ, օրագրութիւններ, զեկուցագրեր, լուսանկար-վաւերագրական նիւթեր, ժապաւէններ եւ այլն: Ականատես-վաւերագրողներու աշխարհագրութիւնը կ’ընդգրկէ տասնեակ մը պետութիւններ, այդ կարգին՝ Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Գանատա, Վենեզուելա, Զուիցերիա, Սաուտական Արաբիա, Դանիա, Նորվեկիա, Գերմանիա, Մեծն Բրիտանիա, Ռուսաստան, Ֆրանսա, Յունաստան, Իտալիա, Վատիկան, Նետերլանտներ, Չեխիա, Լեհաստան, Հնդկաստան, Պարսկաստան, Սուրիա եւ այլուր: Անոնք, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ականատես դառնալով Հայոց ցեղասպանութեան, վաւերագրած են զայն:
Կը ցուցադրուին նաեւ թուրք վաւերագրողներու յուշագրութիւնները, որոնք օրուան մամուլին, նաեւ դատական գործընթացներով փաստագրած են հայերու դէմ տեղի ունեցած յանցագործութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողներու ձգած արժէքաւոր եւ հարուստ ժառանգութիւնը, որուն մէջ արձանագրուած են ոճիրին սարսափները, բացառիկ սկզբնաղբիւրային նշանակութիւն ունին իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւններու անհերքելի վկայութիւններ: Անոնք նաեւ վկայութիւնն են այն իրողութեան, որ աշխարհ քաջատեղեակ էր հայերու դէմ կատարուող յանցագործութեան:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 2026 Ապրիլ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։