ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – Ալֆորվիլի «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» դպրոցի աշակերտներու զօրակցութեան հաւաքը՝ նուիրուած Արցախի աշակերտներուն

15 Դեկտեմբեր 2022-ը սովորական օր պիտի չըլլար «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» վարժարանի աշակերտներուն համար։ Անոնք ժամադրուած էին առցանց հանդիպելու Արցախի Մարտունի շրջանի Ճարտար քաղաքի «Ազատամարտիկների անուան թիւ 1» դպրոցի աշակերտներուն հետ՝ միասնաբար նշելու 2022 տարուան աւարտը, զուարճանալու, երգելու, բարեմաղթութիւններ փոխանակելու եւ նոր տարուան համար ծրագրեր մշակելու։

Անցեալ տարի, միջնակարգի աշակերտները իրարու ներկայացուցած էին իրենց միջավայրերը եւ դպրոցական առօրեան։ Այս տարի, շաբաթներէ ի վեր, երկու դպրոցներուն աշակերտները կը պատրաստուէին միասին կատարելու երգի նոյն ծրագիրը եւ անհամբեր կը սպասէին ճշդուած օրուան։

Սակայն, վերջին օրերուն, մտահոգիչ լուրեր սկսան հասնիլ Արցախէն, իսկ 14 Դեկտեմբերին տեղեկացանք, որ յաջորդ օրը Արցախի բոլոր դպրոցները հարկադրաբար փակ պիտի պահեն իրենց դռները՝ Ազերիներու պարտադրած շրջափակումով ստեղծուած անմարդկային պայմաններուն հետեւանքով (կազի մատակարարման խափանում, անապահով կացութիւն, եւ այլն…)։

Ի տես այս վիճակին եւ իբրեւ զօրակցութիւն Արցախի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ մեր աշակերտները խորհրդանշական ձեւով՝ տասը վայրկեան կասեցուցին իրենց դասերը եւ հաւաքաբար իրենց բողոքը արտայայտեցին կատարուող անիրաւութեան նկատմամբ։

Ժամը ճիշդ 10.05-ին աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցին բակը, տասը վայրկեան մարեցինք դպրոցին բոլոր լոյսերը, եւ հայերէնով ու ֆրանսերէնով արտասանեցին իրենց խօսքերը։

Անոնք ցաւ յայտնեցին եւ ըսին, որ «Արցախի մեր ընկերները սաստիկ ցուրտ պայմաններու մէջ են եւ զրկուած են դպրոց երթալէ, կը խոստանանք անտարբեր չմնալ, սրտով ու հոգուով միասին ըլլալ, չհաշտուիլ տիրող կացութեան հետ եւ մեր կարգին պայքարիլ, որպէսզի մնանք Հայ, խօսինք հայերէն եւ զինուինք հայկական արժէքներով, մշակոյթով ու գիտելիքներով»։

Հաւաքը փակուեցաւ Տէր հօր պահպանիչով։ 

Ապա, աշակերտները շարունակեցին իրենց դպրոցական առօրեան՝ հաւատալով, որ Արցախի դպրոցի աշակերտներուն հետ իրենց հանդիպումը պարզապէս յետաձգուած է եւ շուտով կարելի պիտի ըլլայ դարձեալ հանդիպիլ եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ յաջողցնել նոր ծրագրեր։

«Սուրբ Մեսրոպ- Արապեան» դպրոց