Մայիս 18–25, Փարիզեան շրջանի հայաշատ Գլամար քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի շաբաթ» տարեկան մշակութային 10-րդ փառատօնը։
Մէկ շաբթուան ընթացքին հանրութեան հրամցուեցան հայկական հարուստ մշակոյթը ներկայացնող բազմաբնոյթ ձեռնարկներ՝ համերգներ, ցուցահանդէսներ, կլոր սեղան-քննարկումներ, ֆիլմերու ցուցադրութիւն։
Մայիս 24-ին, Գլամարի քաղաքապետարանի յարակից հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ, որու ընթացքին ներկայացուեցան հայ մշակոյթի, պատմութեան վերաբերող ֆրանսերէնով լոյս տեսած հրատարակութիւններ, մանկական գրականութիւն, հայկական մանրանկարչութիւն, ժողովրդական արհեստները, հայկական գինեգործական արտադրանքը եւ խոհանոցը։ Բազմաթիւ այցելուներու յատուկ ուշադրութեան արժանացան ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու տաղաւարները, ուր պատասխանատուները լուսաբանեցին իրենց կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեսիրական ծրագրերը։
Ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Վարդուհի Սահակեան, Գլամարի նախկին երկարամեայ քաղաքապետ, երեսփոխան Ժան-Տիտիէ Պերժէ, ներկայի քաղաքապետ Իվ Գոսքաս։ Տօնավաճառին յատկապէս հրաւիրուած էին իրաւաբան Ֆրանսուա Տէվէճեան եւ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեան։
Օրուան ընթացքին սփռուեցաւ Գլամարի հետ զուգորդուած Արտաշատ համայնքի ղեկավար Կառլեն Մկրտչեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։