Ապրիլ 24-ին փարիզեան շրջանի Մէօտոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
Ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի դեսպանութեան առաջին քարտուղար Սերգէյ Ոսկանեան, Մէօտոնի քաղաքապետ Տընի Լարկերօ, Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու միութեան նախագահ Լեւոն Յովնանեան։ Ներկայ էին ֆրանսահայ կառոյցներու, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։
Արարողութեան մասնակիցները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Մէօտոնի՝ Արարատ լեռը պատկերող հայկական յուշակոթողին առջեւ։
Աւարտին հնչեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերը:
Քաղաքապետ Տընի Լարկերօ՝ ելոյթի ընթացքին
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։