Մայիս 22-ին, փարիզեան շրջանի Շաթնէ-Մալապրի քաղաքի «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան» անունը կրող ֆրանսական երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նուիրուած ձեռնարկ մը։
Բացման խօսքով հանդէս եկան տնօրէնը եւ ձեռնարկը կազմակերպող պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան ուսուցիչները։ Անոնք մասնաւորապէս ընդգծեցին, թէ 2024 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած դպրոցին անուանակոչումէն ետք, ֆրանսացի մեծագոյն դէմքերու Պանթէոն հանգրուանած Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի հերոսական կերպարները աշակերտներուն համար դարձած են հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդները միաւորող բարեկամութեան իւրայատուկ խորհրդանիշ՝ նպաստելով աշակերտներուն կողմէ Հայաստանի հանդէպ մեծ հետաքրքրութեան։
Այնուհետեւ աշակերտները յարգանքի տուրք մատուցեցին Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանին՝ քօղազերծելով դպրոցի սրահին մէջ փակցուած անոնց դիմանկարները եւ կարդալով հատուածներ անոնց վերջին նամակներէն։ Ապա պարերով հանդէս եկաւ «Երազ» խումբը եւ Քրիստինա Գալստեանի ղեկավարութեամբ նոյն օրը հայկական պարի դասընթացին մասնակցած աշակերտները ներկայացուցին հայկական պարեր։ Իսկ դպրոցի նախասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լուսանկարիչ Լիտիա Գասպարեանի՝ Հայաստանի նուիրուած ինքնատիպ լուսանկարներ ներառող ցուցադրութեան, որ քանի մը ամիս պիտի շարունակուի՝ աշակերտներուն թոյլ տալով ծանօթանալ հայկական բնաշխարհին եւ մշակութային ինքնատիպ ժառանգութեան հետ։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ կլոր-սեղան քննարկումով՝ «Աշխարհաքաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ» նիւթին շուրջ։ Քննարկումին բանախօսութեամբ մասնակցեցան դեսպան Արման Խաչատրեան, Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիէր Ուզուլիաս, Ֆրանսայի բանակի նախկին զօրավար Ալառ, Ֆրանսահայ խորհուրդի նախագահ Դանիէլ Քիւրքճեան։
Դեսպան Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն յուզիչ եւ բովանդակալից ձեռնարկին համար, ուրախութեամբ արձանագրելով, որ Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ ժողովուրդին զաւակը կը շարունակէ ոգեշնչել ֆրանսացի երիտասարդ սերունդը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։