Փարիզեան շրջանի Շարանթոն-լը-Փոն համայնքին մէջ, Ապրիլ 7-16, կազմակերպուած են «Մշակութային ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան» խորագրեալ ձեռնարկները՝ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի համածիրին մէջ։
Ապրիլ 7-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ սոյն մշակութային ձեռնարկներու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ելոյթներ ունեցան Շարանթոն-լը-Փոնի քաղաքապետ Հերվէ Ժիքէլ, Հայաստանի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Շիրազ Յովակիմեան եւ «ARTMONDIA» կազմակերպութեան նախագահ Անուշ Տուրեան-Ջրբաշեան, որ նաեւ այս նախաձեռնութեան հեղինակն է։
Իր ելոյթին Շիրազ Յովակիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին՝ ցուցաբերած աջակցութեան եւ այսպէսով Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին աջակցութեան եւ բարեկամութեան ուղերձ յղելուն համար։ Ան ընդգծեց, թէ համեմատաբար փոքրաթիւ հայկական համայնք ունեցող Շարանթոն-լը-Փոնի մէջ Հայաստանի նուիրուած օրերու կազմակերպումը երկու երկիրներու միջեւ առկայ առանձնայատուկ յարաբերութիւններու եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած բարեկամութեան ակնառու դրսեւորումներէն է։
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան յաջորդեց ֆրանսահայ երգիչ եւ դուդուկահար Լեւոն Խոզեանի, Մարսիլիոյ երաժշտանոցի դասախօս, դաշնակահար Ժան-Ժաք Պետիկեանի եւ պարուհի Շուշան Ակուճեանի կատարողութեամբ համերգ-ներկայացումը։
Նշենք, թէ յաջորդող օրերուն այցելուներուն պիտի ներկայացուին հայկական գորգագործութիւնը, երաժշտական ու պարային արուեստները, հայկական խոհանոցը։ Տեղի պիտի ունենան Հայաստանի նուիրուած գիրքերու շնորհահանդէսներ, կը ցուցադրուին նաեւ Ժանսեմի կտաւները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։