Ապրիլ 19-ին, Փարիզեան շրջան Պանիէօյի «Կիրովական» պուրակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին առջեւ տեղի ունեցած է ոգեկոչման արարողութիւն մը, կազմակերպուած քաղաքապետարանին եւ տեղւոյն համայնքային կառոյցներուն միատեղ ջանքերով։
Ներկայ եղած են քաղաքապետուհի Մարի-Էլէն Ամիապլը, Հօ-տը-Սէնէն ծերակուտական Փիէր Ուզուլիաս, երեսփոխան Օրելիէն Սենթուլ, Հայաստանի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Լիանա Ղուկասեան, Պանիէօյի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, որոնք զոհերուն յիշատակը յարգած եւ յուշաքարին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղած են։
Յարգանքի եւ յիշատակի ելոյթներով հանդէս եկած են քաղաքապետուհի Ամիապլը եւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Տիկին Ղազարեան։
Արարողութեան ընթացքին Պանիէօյի «Սիամանթօ» վարժարանի աշակերտները ներկայացուցած են Ցեղասպանութեան նուիրուած հայ գորղներու ստեղծագործութիւններէն ծաղկաքաղ մը։