Յունիս 29-ին, տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Փարիզեան շրջանի Ռենսի քաղաքը գտնուող «Դպրոցասէր» վարժարանին մէջ, ուր ծնողներու, կրթական անձնակազմին ու հիւրերուն ներկայութեան շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները։
Հրաւիրեալներու կարգին էին Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, Ռենսիի քաղաքապետ Ժան-Միշէլ Ժընեսթիէ, Լիվրի-Կարկանի քաղաքապետ Փիէր-Իվ Մարթէն, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեան, Ռենսիի քաղաքային խորհուրդի անդամներ։
Ելոյթներ ունեցան Հայաստանի դեսպանը եւ Ռենսիի քաղաքապետը, որոնք երախտագիտութիւն յայտնեցին «Դպրոցասէր»-ի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ հոգաբարձուներու խորհուրդին իրենց ներդրումին եւ հոգածու գործունէութեան համար։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։